«Թաքսիմը աշխարհի ամէնէն տգեղ հրապարակն է, հոն Հայերու գերեզմանատուն եղած է». Տաւութօղլու

By Asbarez | Tuesday, 21 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ամասիայէն վերադարձի ճամբուն վրայ «Haberturk»ի լրագրողին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն խօսած է Պոլսոյ շինութիւններուն մասին:


Վարչապետը ըսած է, որ Թաքսիմի հրապարակը աշխարհի ամէնէն տգեղ հրապարակն է:

«Հրապարակ ըսելով կը հասկնամ Վենետիկի եւ Սպահանի հրապարակները: Հրապարակը անո՛նք ենք: Այդ հրապարակներուն վրայ գտնուելէ ետք Թաքսիմի վրայ կանգնելով կարծես դատարկութեան մէջ կ՛իյնաս: Քանի որ այնտեղ, Վենետիկի եւ Սպահանի նման, ժամանակի ընթացքին հրապարակի զարգացած մշակոյթ չէք կրնար տեսնել: Թաքսիմը զուգադիպութեամբ հրապարակ եղած է: Եթէ զօրանոցը չքանդուէր, այդտեղ հրապարակ չէիք տեսներ: Հոն նախապէս հայկական գերեզմանատուն եղած է», ըսած է վարչապետ Տաւութօղլու:


comments