«Թուրքիան Հայ-Թուրքական արձանագրութիւնները վաւերացնելու ուժ չգտաւ». Էդուարդ Նալբանդեան

By Asbarez | Thursday, 23 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Հաշտեցման նշաններ, ժեստեր մեր կողմից արուել են: Միջազգային հանրութեան կողմից էլ նշուել է, որ գնդակը գտնւում է թուրքական դաշտում: Թուրքիան չյարգեց ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, չվաւերացրեց հայ-թուրքական արձանագրութիւնները»։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը՝ պատասխանելով գերմանացի լրագրողին այն հարցումին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին արդեօք հաշտեցման նշաններ չե՞ն ակնկալուիր, արդեօք Գերմանիան ալ որոշ յուշումներ, առաջարկներ կրնա՞յ ընել:


Է. Նալբանդեան նշած է, որ հինգ տարի առաջ ստորագրուած են հայ-թրքական արձանագրութիւնները, որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, սահմանները բանալու կարելիութիւն պիտի ընձեռէր. «Թուրքիան իր մէջ դրանք վաւերացնելու ուժ չգտաւ»։

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ իրենք կը յիշեն, թէ 1915 թուականին մէկուկէս միլիոն հայ դարձած է մեծ կոտորածի զոհ: Ան ըսած է, թէ թրքական կողմին հետ կայացած զրոյցներուն ընթացքին կը յիշատակեն այն, որ իրենք չեն լռած այն պատասխանատուութեան գծով, զոր կրած են, մոռացութեան չեն մատնած սարսափելի իրադարձութիւնները:

«Այնպէս չէ, որ ինքնուրոյն, պատահաբար տեղի ունեցած իրադարձութիւն է: Դրացիներն ալ պէտք է աջակցին: Մենք պատրաստ ենք օգնողի դերով հանդէս գալու, սակայն կայ պատրաստակամութիւն, թէ ոչ, մեզմէ կախեալ չէ: Ցանկութեան առկայութիւնը՝ թէ՛ պատմական առումով, թէ՛ գիտական, պէտք է հոս եւ Թուրքիոյ մէջ որոշուի», դիտել տուած է Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր։

Լրագրող մը դիտարկում կատարած է այն մասին, որ վերջերս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Մարմարա» համալսարանին մէջ անդրադարձած է պատմական իրադարձութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան, 1915ի դէպքերը ուսումնասիրելու նպատակով կոչ ուղղած է օգտուելու Թուրքիոյ գրադարաններէն, ուր պարզ պիտի դառնայ, թէ Ցեղասպանութիւնը կատարողները հայերն են եւ ոչ թէ թուրքերը։ Է. Նալբանդեան տարօրինակ բնորոշած է այն փաստը, որ այն նիւթերը, որոնց կ՛ակնարկէ թրքական կողմը, կը տարբերին այն նիւթերէն, որոնք առկայ են աշխարհի արխիւներուն, գրադարաններուն մէջ: Նախարարին համաձայն՝ «եթէ այդ նիւթերի հիման վրայ է թուրքական կողմը որոշումներ կայացնում, ապա հէնց թուրքական կողմից հռչակուած հարեւանների հետ զրօ պրոբլեմ քաղաքականութիւնը վերածւում է զրօ արդիւնքի»:


comments

Advertisement