Բուռն բախումները կը շարունակուին Քոպանիի եւ այլ շրջաններու մէջ

By Asbarez | Thursday, 23 October 2014

 

ՍՈՒՐՈՒՉ, Ատանա, «Ա. Էֆ.Փէ.».- Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն օդանաւերը ռմբակոծեցին «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան Քոպանիի (Արաբունար) մօտ գտնուող դիրքերը, մինչ այդ, քրտական ինքապաշտպանութեան ուժերուն եւ ծայրայեղական զինեալներուն միջեւ կատաղի բախումները շարունակուած են, մասնաւորաբար՝ քաղաքին հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ: Բախումները ընդլայնեցան՝ նաեւ ներառելով քաղաքի հարաւային թաղամասերը:


Բախումներուն ընթացքին սպաննուած են քանի մը տասնեակ զինեալներ, մինչ հաղորդուեցաւ, որ վերջին մէկ ամիսը, Ամերիկայի գլխաւորած դաշինքի օդային ռմբակոծումներուն ընթացքին, սպաննուած է 553 հոգի, ներառեալ՝ 464 ծայրայեղական զինեալ։
Մինչ այդ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ Դամասկոս Քոպանիի զինուորական օժանդակութիւն տրամադրած է եւ կը շարունակէ տրամադրել:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգները, Քոպանիի մէջ քիւրտերուն օդի ճամբով զինուորական մատակարարում կատարելով՝ սխալ գործեց»:

Նշենք, որ հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանը Հոկտեմբեր 22ին շրջանի նախագահին արտօնած էր քիւրտ զինեալներ Քոպանի ուղարկել, այդ գծով Անգարայի հետ գոյացուած համաձայնութեան շնորհիւ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿը «Իսլամական պետութիւն»ը մեղադրած է Իրաքի եզիտիները ցեղասպանութեան ենթարկելու փորձ կատարելու յանցանքով, մինչ կը հաղորդուէր, որ կազմակերպութեան զինեալները դարձեալ շրջափակած են Սինճար լերը, ուր կը մնան մօտաւորապէս 2000 եզիտիներ:

Նշենք նաեւ, որ Օգոստոսին, տասնեակ հազարաւոր եզիտիներ փախուստ տուած են Իրաքի հիւսիսային քաղաքներէն՝ փրկուելով ծայրայեղականներէն, շնորհիւ Իրաքի ու Սուրիոյ քիւրտ զինեալներու միջամտութեան:

Նաեւ, «Մարմարա» կը գրէ, որ «Իսլամական պետութիւն»ը Հոկտեմբեր 22ին Իրաքի Տիալա շրջանի շիի թիւրքմէններու Քարաթեփէ գիւղաքաղաքը եւս պաշարման տակ առած է՝ 30 հոգի առեւանգելէ եւ հոն շիիներու պատկանող մզկիթներ պայթեցնելէ ետք։ Քարաթեփէ գիւղաքաղաքը կը գտնուի հիւսիսային Իրաքի քրտական Սիւլէյմանիէ քաղաքին մօտերը, ուստի, այս յարձակումը անձկալից վիճակ ստեղծած է նաեւ այդ քաղաքի ժողովուրդին մօտ։

Ծայրայեղականները կը շարունակեն յարձակումներ իրականացնել Իրաքի արեւմտեան ու հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ։

Հիւսիսային Իրաքի քրտական կառավարութեան համաձայն՝ ծայրայեղականները կը ջանան ուշադրութիւնը դէպի Սինճար շեղել, որպէսզի Քերքուքն ու Տիալան գրաւելով՝ պաշարման տակ առնեն Պաղտատը։

 


comments

Advertisement