Գերմանացի նախարարը Ծիծեռնակաբերդ այցելեց

By Asbarez | Thursday, 23 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին գլուխ խոնարհեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին առջեւ:


Նախարարին յուշահամալիր ուղեկցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան դիմաւորեց նախարարները, այնուհետեւ, անոնք ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը:

Հայկ Դեմոյեան գերմանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին նուիրեց վերջերս լոյս տեսած «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը՝ Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերում» գիրքը, ինչպէս նաեւ անցեալ տարի թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ «Հայփոստ»ին հրատարակած եւ Եոհանս Լեփսիուսի նուիրուած դրոշմանիշներու ամբողջական օրինակը՝ իբրեւ յուշանուէր:

 


comments