Թուրք գրողը նոյնիսկ կեանքի գնով պատրաստ է ցեղասպանութեան մասին խօսելու

By Asbarez | Friday, 24 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք գրող Սերքան Էնկին իր պարտաւորութիւնը կը համարէ Թուրքիոյ մէջ բարձրաձայն խօսիլը թրքական պետութեան կողմէ իրականացուած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Անոր համոզումով, ցեղասպանութիւններու մասին աւելի լայն շրջանակներու իրազեկումը պիտի չարտօնէ, որ մարդկութեան դէմ նման յանցագործութիւններ կր-կնուին:


«Ես կը խօսիմ հայերու, ասորիներու ու յոյներու ցեղասպանութիւններուն մասին, քանի որ այդ մէկը պարտաւորութիւն կը համարեմ: Իբրեւ ազնիւ եւ պատուաւոր մտաւորական, ասիկա բարոյական պարտաւորութիւն մըն է ու նաեւ իմ պարտքն է՝ մարդկութեան հանդէպ: Ես կը փափաքիմ խօսիլ այս ցեղասպանութիւններուն մասին, որոնք նախապատրաստուած են իմ թուրք նախահայրերուն կողմէ, քանի որ Թուրքիոյ մէջ պէտք է ճշմարտութեան մասին խօսիլ բարձրաձայն՝ ընդդէմ այսպէս կոչուած պաշտօնական պատմութեան: Ես երեխայ մըն եմ, որ կը պոռայ. «Կայսրը մերկ է»: Ես անձս կը նուիրեմ ճշմարտութեան, որ կրնայ կեանք ու ազատութիւն արժել», «Արմէնփրէս»ին յայտնած է թուրք-լազ բանաստեղծը:

Սերքան Էնկին նշած է, որ չի կրնար հպարտանալ իր այն նախահայրերով, որոնք բռնաբարած են փոքր աղջիկներ, երեխաները ողջ-ողջ այրած են, ստրկացուցած են կիներ եւ անողոք կերպով կոտորած են միլիոնաւոր անմեղ մարդիկ:

Ան քննադատած է ամէն առաւօտ դպրոցի աշակերտներուն պարտադրուղ «Որքան ուրախ է ան, որ թուրք է» երդումը՝ զայն ցեղապաշտ կարգախօս նկատելով, որովհետեւ հոն կը նշուի, թէ «մէկ թուրք հաւասար է ամողջ աշխարհին»:

«Մենք պէտք է մեր երեխաներուն ըսենք, որ աշխարհի բոլոր մարդիկը հաւասար են, անկախ անոնց ցեղային, լեզուական, կրօնական կամ սեռային տարբերութիւններէն», նշած է Էնկին:

 


comments

Advertisement