By Asbarez | Monday, 27 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 Հոկտեմբերին Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է նախագահ Հոլանտի հետ։
Նախագահները քննարկած են հայ-ֆրանսական յագեցած օրակարգին վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Հոլանտի՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման նպատակով փարիզեան հանդիպման նախաձեռնութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները վերստին ընդգծած են, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները վկայութիւնն են ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, եւ որոնք տարուէ տարի աւելի կ՛ամրապնդուին բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններով, միջխորհրդարանական սերտ կապերով, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդլայնմամբ ու զարգացմամբ, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեամբ: Սերժ Սարգսեանն ու Ֆրանսուա Հոլանտը երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են, որ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութենէն բացի, աշխոյժ կերպով կը զարգանան եւ կ՛ամրապնդուին նաեւ տնտեսական կապերը. ֆրանսական ներդրումներու ծաւալը հայաստանեան տնտեսութեան մէջ այսօր արդէն կը կազմէ շուրջ մէկ միլիառ տոլար։
Նախագահ Հոլանտ շնորհակալութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին՝ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի շահագրգիռ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ ափրիկեան տարածաշրջանին մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ կատարուող գործողութիւններուն հայկական կողմի մասնակցութեան պատրաստակամութեան համար:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին՝ նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան մնայուն կերպով հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան կարգաւորման օգտին եւ նշած է, որ բարձր կը գնահատէ համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն ու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերը՝ միտուած բանակցային գործընթացի աշխուժացման, տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ