Իրաքէն 150 Քիւրտ զինեալներ Քոպանի կը հասնին

By Asbarez | Monday, 27 October 2014

 

ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, լիբանանեան «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քոպանիէն տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Ձայնասփիւռի բլուրը, որ կը գտնուի Շահիր բլուրին արեւմուտքը: Ըստ տեղեկութեանց՝ այդ ուժերը յաջողած են «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան զինեալները վտարել քաղաքէն դուրս եւ զանոնք հետապնդել մինչեւ Քոպանիէն շուրջ վեց քիլոմեթր անդին:

 


Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, թէ 150 փեշմերկաներ մուտք գործած են Քոպանի։ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան մէջ փեշմերկաներու հարցերու նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Թուրքիոյ հետ տակաւին առկախ մնացած կարգ մը հարցեր պատճառ կը դառնան, որ փեշմերկաներու ուժը հիւսիսային Իրաքէն Քոպանի չուղղուի:

Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ «Իսլամական պետութեան» կողմէ 40 օր առաջ Քոպանիի վրայ շղթայազերծուած յարձակումէն ի վեր՝ 815 զոհ արձանագրուած է:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, թէ քրտական ինքնապաշտպանութեան խորհրդանիշը դարձած եւ Ռեհանա անունով ծանօթ մարտիկը առեւանգուած եւ գլխատուած է «Իսլամական պետութեան» կողմէ։

Մինչ այդ, Իրանի մօտ Թուրքիոյ նոր դեսպանը Իրանի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. ««Իսլամական պետութիւն»ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որ Թուրքիոյ ազգային շահերուն վտանգ կը ներկայացնէ»:

 


comments

Advertisement