Լիբանանեան բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Թրիփոլին, աւելի քան 40 զոհ խլած բախումներէն ետք

By Asbarez | Monday, 27 October 2014

 

 


ԹՐԻՓՈԼԻ, Լիբանան, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, լիբանանեան բանակը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առաւ հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը, գրաւելէ ետք իսլամ ծայրայեղականներուն վերջին դիրքը։ Ուրբաթ գիշեր սկսած զինեալ բախումներուն հետեւանքով սպաննուած են առնուազն 11 զինուորներ, 8 քաղաքայիններ եւ 22 իսլամ ծայրայեղականներ։ Թրիփոլիի մէջ բանակին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ Ուրբաթ գիշեր սկսած բախումները շարունակուած էին ամբողջ շաբաթավերջին:

Թրիփոլիի եւ անկէ 12 քիլոմեթր հեռու գտնուող Պհանինի մէջ կեդրոնացած ահաբեկիչները, որոնք կապեր ունին «Ճապհաթ Նուսրա»ի եւ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան հետ, կը պատրաստուէին շրջանին մէջ եւս յայտարարելու «իսլամական էմիրութիւն» մը, սակայն անակնկալի մատնուած են լիբանանեան բանակի միջամտութենէն:

Բանակի գործողութեանց ընթացքին ձերբակալուած են նաեւ աւելի քան 160 զինեալներ, ականուած ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ՝ մեծ թիւով ականուած գօտիներ, աւելի քան 50 ականներ, հրթիռներ, զէնքեր, գնդացիրներ, նռնականետեր, ձեռնառումբեր եւ զինամթերք:

Նկատի ունենալով հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակները՝ «Ճապհաթ Նուսրա» սպառնացած է սպաննել առեւանգուած բանակային մը, սակայն այդ որոշումը չէ գործադրուած՝ ընդառաջելով Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի պահանջին: Աւելի ուշ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող լուսանկար մը, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Նկատի ունենալով, որ բանակը չդադրեցուց սիւննի համայնքին դէմ շղթայազերծած իր սպանութիւնները, ուստի պիտի գլխատենք Ալի Պզալը: Որոշած ենք նաեւ գլխատուելու թեկնածու յաջորդ բանակայինը նկատել Ժորժ Խուրին»: Նշենք, որ Արսալի մէջ Օգոստոսին առեւանգուած մօտաւորապէս 20 զինուորներէն երեքը արդէն սպաննուած են։

 


comments

Advertisement