Թուրքիա պիտի չանդամակցի Եւրոմիութեան, եթէ չճանչնայ Կիպրոսը. Աթէնք

By Asbarez | Monday, 27 October 2014

 

ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Եւանկելոս Վենիզելոս յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Անգարային յստակ ազդանշան ուղարկած է՝ նշելով, որ Թուրքիա պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը, եւ եթէ մտադիր է անդամակցելու Եւրոմիութեան, ապա պէտք է ճանչնայ Եւրոմիութեան անդամ բոլոր պետութիւնները: Վենիզելոսի յայտարարութիւնը տարածուած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:


comments