Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպեցան Փարիզի մէջ

By Asbarez | Monday, 27 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները երկկողմանի հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ. այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Արման Սաղաթէլեան։


Նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երկկողմանի հանդիպումէն առաջ, նախագահները խորհրդակցած էին Փարիզ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի նախաձեռնութեամբ կայացած Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը երրորդն է այս տարուան ընթացքին: Նախագահները այս տարուան ընթացքին հանդիպած էին նաեւ Սոչիիի եւ Կալեսի մէջ:

Հոլանտ Երկուշաբթի օր նաեւ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։


comments

Advertisement