Ռուսիա պիտի շարունակէ զարգացնել Հայաստանի իր ռազմական խարիսխը

By Asbarez | Tuesday, 28 October 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռուսիան աշխոյժ կերպով պիտի շարունակէ զարգացնել արտերկիրի մէջ գտնուող իր ռազմական խարիսխները։ «Իթար Թասս»ի համաձայն՝ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուն:

«Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել արտերկիրի մեր խարիսխները Հայաստանի, Ղրղզիստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, բաւական աշխոյժ կերպով կը կատարուի այդ զարգացումը», նշած է Շոյգու՝ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կից հասարակական պալատի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Շոյգու յիշեցուցած է, որ վերջերս ռուսական ռազմածովային միաւորը սկսած է մարտական հերթապահութիւն կատարելու Պելոռուսի մէջ: «Մենք այնտեղ սկսած ենք իրականացնելու թէ՛ ռազմական հերթապահութիւն, եւ թէ ամէն ինչ, որ կապուած է ուսման», յայտնած է Շոյգու:

 

comments