By Asbarez | Tuesday, 28 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճըն այցելած է Արցախ եւ թրքական «T24» լրատուական կայքին վրայ հրապարակած է իր ստացած տպաւորութիւնները, զորս կը ներկայացնէ Ermenihaber.am-ը: Նալճըն կը գրէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի աւարտէն ետք ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է, որ ունի իր պետական կառոյցը, դիւանակալութիւնը, բանակը եւ տնտեսութունը:
Ան կը գրէ, որ 140 հազար բնակչութիւն ունեցող հայկական փոքր պետութիւնը պատերազմի մնայուն վտանգին պատճառով 25 հազար զինուոր ունի. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բոլոր զինուորները կամաւորներ են»:
Հակառակ անոր որ կայ պարտադիր ծառայութիւն, սակայն մարդիկ կամաւոր կերպով կը միանան բանակին՝ իրենց երկիրը պաշտպանելու համար, կը գրէ Նալճըն ու կը յիշեցնէ Յունիսի աւարտին եւ Օգոստոսի սկիզբը սահմանին վրայ տեղի ունեցած դէպքերը, «որոնց ընթացքին տարեցներ զէնք վերցնելով գացած են առաջագիծ»։
Անոնցմէ մէկուն հետ զրուցած է Նալճըն՝ հարցնելով, որ եթէ պատերազմը սկսի ի՞նչ պիտի ընէ. «Մենք չենք էլ պատերազմել: Մենք մեր տունն էք պաշտպանել: Նորից կը պաշտպանենք, սա մեր տունն է եւ գնալու այլ տեղ չունենք»:
Յօդուածին մէջ Նալճըն Ղարաբաղը կը համեմատէ Արաբունարի հետ։
«Այն ազգի զաւակները, որոնք կ՛ուզեն իրենք տնօրինել իրենց ապագան, երբեք պատերազմ չեն ուզեր… Անոնք իրենց տունն ու ընտանիքը կը պաշտպանեն», կ՛եզրափակէ թուրք լրագրողը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ