Արամ Ա. կը հանդիպի Իրանի Քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն

By Asbarez | Tuesday, 28 October 2014

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:


Սեպուհ սրբազան ընդհանուր կերպով ներկայացուց Իրանի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած պատկերը՝ յայտնելով, որ յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպումներ կ՛ունենան ընդհանրական հարցերու շուրջ խորհդակցելու նպատակով: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հոգեւորականները, որոնք լայն բացատրութիւններ տուին իրենց համայնքներուն առնչուած ծրագիրներուն, մտահոգութիւններուն ու աշխատանքներուն մասին:

Արամ Ա. կաթողիկոս՝ ողջունելով քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները, շեշտեց յաճախակի առիթներով միասին ըլլալու եւ քրիստոնեայ համայնքները յուզող հարցերուն շուրջ, աղօթական մթնոլորտի մէջ, խորհդակցութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը: Վեհափառը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրին իշխանութիւնները ազատութիւններ շնորհած են քրիստոնեայ համայնքներուն, իրենց կեանքը կազմակերպելու ու կրօնական արարողութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած ծրագիրներ մշակելու:

Կաթողիկոսը անդրադառնալով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, յիշեցուց քրիստոնէական միութեան ա-ռաջնահերթութիւնը՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդը նկատելով միջ-եկեղեցական գործակցութեան ամէնէն կարեւոր կառոյցը շրջանէն ներս:

Ապա, հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Յայտնենք, որ Թեհրանի առաջնորդ սրբազանի կողքին, նաեւ ներկայ էին Նոր æուղայի եւ Ատրպատականի առաջնորդներն ու քահանաները:

 


comments