Իրան կարեւոր դեր ունի «Իսլամական Պետութեան» դէմ պայքարին մէջ. Ուաշինկթըն

By Asbarez | Tuesday, 28 October 2014

ՔՈՒԷՅԹ. «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռիչըրտ Սթենկըլ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն «կ՛ողջունէ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ բոլոր երկիրներու ներդրումը, ներառեալ՝ Իրանի ջանքերը»:

«Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ Քուէյթի մէջ կայացած հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Սթենկըլ նշեց. «Իրան շրջանին մէջ շատ կարեւոր դերակատար մըն է, եւ եթէ «Իսլամական պետութեան» վերջ տալու գծով հասարակաց շահ մը գոյութիւն ունի, ապա մենք բոլոր կողմերը կ՛ողջունենք»:

Միւս կողմէ, Քոպանիի մէջ, Հոկտեմբեր 28ին շարունակուած են քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն եւ ծայրայեղական զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները ու օդային ռմբակոծումները:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան ռազմական օդանաւերը զինեալներու դիրքերուն դէմ չորս յարձակումներ գործած են, իսկ դաշնակից ուժերուն հետ 10 այլ յարձակումներ գործած են Իրաքի տարածքին:

comments