Տաւութօղլու կ՛արդարացնէ Մահճուպեանի խորհրդական նշանակումը

By Asbarez | Tuesday, 28 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու անդրադարձած է պոլսահայ յայտնի լրագրող Էթիէն Մահճուպեանը իր գլխաւոր խորհրդականը նշանակելու հարցին, որ քննարկման նիւթ դարձած է թրքական ազգայնական շրջանակներուն մէջ:


Տաւութօղլու ըսած է. «Էթիէն Մահճուպեանը խորհրդական նշանակած եմ ոչ թէ անոր հայկական ինքնութեան համար, այլ անոր համար, որ ան իսկական մտաւորական է եւ իրապէս խիղճի տէր մարդ է: Ան պիտի ըլլայ հանրապետութեան պատմութեան մէջ պետական համակարգի բարձրաստիճան պաշտօն ստացած անձերէն մէկը»:

Ան աւելցուցած է, որ այդ նշանակումը պէտք է դիտել իբրեւ Թուրքիոյ «բարենորոգման գործընթացին» մէջ առնուած քայլ մը:

Ըստ անոր՝ քրտական հարցի լուծման ու հաշտութեան գործընթացին մէջ միայն քրտական հարցը չէ, որ կը քննարկուի: «Նախապէս, ասորիները, հայերը, ուղղափառ յոյներն ու ալաուիները իրեն հաւանական սպառնալիք կը տեսնէր պետութիւնը։ Պետութիւնը հարկադրուած է հաշտուելու բոլոր նշեալներուն հետ», ըսած է թուրք վարչապետը:

Մահճուպեանի նշանակումը խստօրէն քննադատած է այսպէս կոչուած՝ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ կազմակերպութիւն»ը, իսկ ազգայնամոլ այդ կազմակերպութեան ղեկավար Կէօքսել Կիւլպէյ կոչ ըրած է Տաւութօղլուին, որ «ունքը դարմանելու փոխարէն՝ աչքն ալ չհանել» եւ հրաժարիլ որոշումէն:
64ամեայ Մահճուպեան Թուրքիոյ մէջ առաջին ոչ իսլամն է, որ նման բարձր պաշտօնի վրայ կը նշանակուի:

 

comments

Advertisement