Նախագահ Սարգսեան Ամմանի մէջ տեսակցած է Յորդանանի թագաւորին հետ

By Asbarez | Wednesday, 29 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.ի հրաւէրով 29 Հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան սկսաւ Ամմանի իր պաշտօնական այցելութեան:


Թագաւորին նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.ի առանձնազրոյցը:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Յորդանանի մէջ իր եւ Հայաստանի պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան համար:
Երկու երկիրներուն ղեկավարները անկեղծ բարեկամական մթնոլորտի մէջ անդրադարձած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման եւ փոխշահաւէտ ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարին:

Զրուցակիցները երկուստեք յանձնառութիւն ստանձնած են քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տնտեսական համագործակցութեան խորացման ու առկայ ներուժի առաւել արդիւնաւէտ օգտագործման, երկուստեք վերահաստատուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնները հիմնուած են բարի կամքի, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխվստահութեան, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութեան վրայ:

Նախագահ Սարգսեանի եւ Ապտալլա թագաւորին միջեւ կայացած դռնփակ զրոյցէն ետք երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-յորդանանեան համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման վերաբերող փաստաթուղթերու ստորագրութեան արարողութիւն։

Ի պատիւ պաշտօնական այցելութեամբ Յորդանան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Յորդանանի թագաւորը ճաշկերոյթ սարքած է:

Արարողակարգին համաձայն՝ Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով, անդրադարձած հայ-յորդանանեան բարեկամութեան ու երկու բարեկամ ժողովուրդներու պատմական կապերուն, միջպետական յարաբերութիւններու ներկայի մակարդակին եւ անոնց զարգացման հեռանկարին:

comments

Advertisement