Մամիկոն Ղարիբեան՝ Եւրոպայի ճատրակի ախոյեան

By Asbarez | Wednesday, 29 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի ներկայացուցիչ Մամիկոն Ղարիբեան Պաթումի մէջ եզրափակուած Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան հռչակուեցաւ աշխարհամասի մինչեւ 10 տարեկան ճատրակ խաղացողներու ախոյեան։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքը:
Արամ Յակոբեան հռչակուեցաւ աշխարհամասի մինչեւ 14 տարեկան ճատրակ խաղացողներու փոխախոյեան, իսկ Մարիամ Մկրտչեանը աղջիկներու ախոյեանութեան խաղերուն հռչակուեցաւ աշխարհամասի մինչեւ 10 տարեկան մարզիկներու փոխախոյեան։


comments