Միայն Սուրիական Ազատ Բանակն ու Փեշմերկաները կրնան Քոպանին փրկել. Տաւութօղլու

By Asbarez | Wednesday, 29 October 2014

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու «Պի.Պի. Սի.»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կարելի չէ ակնկալել, թէ Թուրքիա զինուորներ պիտի ուղարկէ պաշտպանելու համար պաշարումի ենթակայ Քոպանին՝ պնդելով, որ միայն հիւսիսային Իրաքէն քիւրտ զինեալները՝ փեշմերկաները, եւ «Սուրիական ազատ բանակ»ը կրնան զայն փրկել:


«Եթէ միջազգային դաշինքը իր ցամաքային ուժերը չ՛ուզեր ուղարկել, ինչպէ՞ս կրնաք ակնկալել, որ Թուրքիան թրքական ցամաքային ուժեր ուղարկէ, երբ մեր սահմանին վրայ նոյն վտանգները գոյութիւն ունին», հարց տուաւ Տաւութօղլու:

«Զինեցէ՛ք եւ մարզեցէ՛ք «Սուրիական ազատ բանակ»ը, որպէսզի եթէ «Իսլամական պետութիւն»ը հեռանայ՝ վարչակարգը (սուրիական) կամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութան ահաբեկիչները չլեցնեն ստեղծուելիք բացը», ըսաւ ան՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ քանի մը հարիւր փեշմերկաներ պատերազմի ընթացքը պիտի չփոխեն:

«Մենք որեւէ ուժի, որեւէ դաշինքի պիտի օգնենք (Թուրքիոյ մէջ) օդուժի ռազմակայաններուն ճամբով կամ այլ ձեւերով, եթէ ժողովրդավարական նոր Սուրիա մը գոյացնելու շուրջ հասարակաց հասկացողութիւն մը ստեղծուի», ընդգծեց Թուրքիոյ վարչապետը:

Միւս կողմէ, «Մայատին» հաղորդեց, որ Քոպանի ժամանած փեշմերկաներու ուժը իր հրամանները պիտի ստանայ հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզին մէջ քրտական կառավարութեան փեշմերկաներու հարցերու նախարարութենէն: Կայանը նաեւ նշեց, որ քրտական մարզին մէջ փեշմերկաներուն Քոպանի մեկնելու ուշացումին պատճառով, վէճ յառաջացած է Անգարայի հետ: Թուրքիա մերժած է 2000 փեշմերկաներու արտօնութիւն տալ, որ Քոպանի մեկնին, եւ համամիտ գտնուած է միայն 150 փեշմերկաներու մեկնումին: Թուրքիա նաեւ մերժած է, որ փեշմերկաները իրենց հետ ծանր զէնքեր մտցնեն պաշարման ենթարկուած քաղաքը:


comments

Advertisement