By Asbarez | Wednesday, 29 October 2014
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24ի երեկոյեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի անձնական խորհրդական եւ փոքրամասնութիւններու ընդհանուր պատասխանատու Ալի Եունիսի պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի յատուկ յանձնարարութեամբ:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազանները, խորհրդարանի հայ, հրեայ, ասորի ու զրադաշտական համայնքներու պատգամաւորներ, կրօնական փոքրամասնութիւններու հոգեւոր պետեր, հանրապետութեան նախագահի անձնակազմի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ: Խօսք առնելով, Եունիսի, յանուն Իրանի նախագահին՝ ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետը՝ յայտնելով, որ սոյն ճաշկերոյթը կը տրուի ի պատիւ վեհափառին, Իրանի նախագահին կողմէ: Եունիսի վերհափառը նկատեց Իրանի սերտ բարեկամներէն մէկը եւ յիշեց երկար տարիներու երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը՝ Իրանի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ: Ապա, խօսք առաւ վեհափառը եւ իր կարգին շեշտեց երկխօսութենէն անդին գործակցութիւնը շարունակելու հրամայականը՝ իսլամութեան ու քրիստոնէութեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ իրանեան ժողովուրդներուն միջեւ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ