By Asbarez | Wednesday, 29 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական նշանակուած հայազգի Էթիէն Մահճուպեան յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ համար Հայկական Հարցը ամենակարեւոր հարցերէն մէկը չէ:
«Ճազիրա» կայանի թրքական ծառայութեան թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշած է, թէ քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութեանց համար, Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններէն աւելի լաւը չկայ:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ Մահճուպեանի հայ ըլլալը պիտի օգնէ՞ Հայկական Հարցի կարգաւորման, Մահճուպեան պատասխանած է. «Եթէ քիւրտ մը նշանակուէր, ի հարկէ, իր նպաստը կ՛ունենար քրտական հարցի կարգաւորման մէջ, իսկ եթէ ալաուի մը նշանակուէր, ալաուիներու հարցերու կարգաւորման կը նպաստէր: Ես հայ եմ, ի հարկէ, ես ալ Հայկական Հարցի կարգաւորման մէջ նպաստ պիտի ունենամ: Սակայն, Հայկական Հարցը Թուրքիոյ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը չէ: Նաեւ, ես Թուրքիոյ հայ համայնքը ներկայացնելու լիազօրութիւններ չունիմ, ու այդ հարցին մէջ գլխաւոր դերակատարը Թուրքիոյ հայկական համայնքն է, հայկական Սփիւռքն է», ըսած է Մահճուպեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ