Ելեւմուտքի նախարարութիւնն ու Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը միացեալ ծրագիր կ՛իրականացնեն

By Asbarez | Thursday, 30 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան ուսումնական կեդրոնի եւ «Հայաստանի ամերիկեան համալսարան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է «Գործարար կառավարում» թեմայով 4ամսեայ ուսումնական ծրագիրը: Անոր նպատակն է աջակցիլ դասընթացքի մասնակիցներուն՝ տիրապետելու շուկայագիտութեան, ֆինանսներու եւ կառավարման առեւտուրի հիմքերուն՝ ամրապնդելով իրենց ռազմավարական մտածողութեան հմտութիւնները:
Ըստ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի խորհրդական Լեւոն Բարխուդարեանի՝ ուսումնական կեդրոնի եւ համալսարանի գործակցութիւնը սկիզբ առած է նախորդ տարի ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրով, որով կը նախատեսուի միասնաբար իրականացնել ուսումնական ծրագիրներ, գիտահետազօտական աշխատանքներ, կազմակերպել գիտաժողովներ եւ վարժանիստեր: «Այս քայլով ուսումնական գործընթացներում նոր մշակոյթ է ձեւաւորւում՝ հնարավորութիւն ընձեռելով ոչ միայն համակարգի աշխատակիցներին, այլեւ բիզնեսի ներկայացուցիչներին ձեռքբերել նաեւ միջազգային որակի կրթութիւն եւ այն յաջողութեամբ կիրառել առօրեայ աշխատանքում: Դասընթացում ներառուած են ինչպէս գործարար կառավարման խտացրած ծրագրեր, այնպէս էլ հարկային, մաքսային վարչարարութեան նորոյթներ, որոնք կ՛օգնեն ընդլայնել մասնակիցների բիզնես գիտելիքներն ու հմտութիւնները եւ կը նպաստեն բիզնեսի առաւել արդիւնաւէտ կառավարմանը»:


Ըստ ՀԱՀ դասախօս Արփի Բալեանի՝ կրթական ծրագիրը մշակուած է բացառապէս երկու կառոյցներու համագործակցութեան ծիրին մէջ. «Ֆինանսների նախարարութեան գաղափարն է՝ մշակել այնպիսի կարճաժամկէտ ուսումնական ծրագիր, ինչը հնարավորութիւն կը տայ մասնակիցներին ձեռք բերել աւելի շատ կիրառական գիտելիքներ եւ ծանօթանալ միջազգային բիզնես նորարարութիւններին», յայտնած է ան:

Ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտողները համապատասխան հաստատագիրներ պիտի ստանան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ուսումնական կեդրոնին կողմէ։

 

comments

Advertisement