Մամետեարով՝ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին մասին

By Asbarez | Thursday, 30 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Փարիզի մէջ կայացած վերջին հանդիպման մասին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ըսած է, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են քանի մը հանգրուանով, իսկ անոնց ընթացքին քննուած են այնպիսի հարցեր, որոնց կապակցութեամբ ցարդ կարելի չէ եղած յառաջխաղացք ապահովել:

Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ Մամետեարով աւելցուցած է. «Նախագահներու մակարդակով իւրաքանչիւր հանդիպում, ընդհանուր առմամբ, դրական է: Նման հանդիպումներ կը նպաստեն հակառակ կողմի տրամադրուածութիւնը հասկնալուն, հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու նպատակով»։


comments

Advertisement