By Asbarez | Thursday, 30 October 2014
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք դարձաւ առաջին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ հայկական Անիին մասին խօսելու ընթացքին արտասանեց «հայ» բառը։
Արդարեւ, «Հապերլեր» կայքի լրատուութեան համաձայն՝ Չելիք յայտնած է, թէ ջանք կը տարուի, որ «1001 եկեղեցիներու քաղաք»ը՝ Անին, մինչեւ 2016 արձանագրուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ։
Նախարար Չելիք դիտել տուած է, որ հայ ժողովուրդը այս հողերուն վրայ համաշխարհային ժառանգութիւն մը ձգած է։ «Պատմական Անի քաղաքը հայերու հետքերը մեզի փոխանցող կարեւոր ժառանգութիւն մըն է։ Մենք ալ այդ ժառանգութիւնը, ինչպէս այս հողերու որեւէ ժառանգութիւն, կը պատրաստուինք փոխանցելու գալիք սերունդներուն։ Այս հողերուն վրայ հայկական մշակոյթի հետքերուն շարունակութիւնը ապացոյցն է մեր մշակութային հարստութեան։ Փրկիչի եկեղեցւոյ եւ Մռենի տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներուն, Հայաստանէն ալ մասնագէտներ պիտի մասնակցին», ընդգծած է մշակոյթի նախարարը։
Նշենք, որ Անիի մէջ կանգուն մնացած հայկական կառոյցներու նշանատախտակներուն վրայ չկան «հայ» կամ «հայկական» գրութիւնները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ