«Մեսթըր Քարտ»ի որոնման համակարգին մէջ Արցախի քաղաքներու ներկայութիւնը զայրացուցած է Ատրպէյճանը

By Asbarez | Wednesday, 29 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Միջազգային վճարամիջոց հանդիսացող «Մեսթըր Քարտ» համակարգին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքները որպէս Հայաստանի մէկ մասը ներկայացնելու փաստը զայրացուցած է Ատրպէյճանը։ Ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը ահազանգած է, որ «Մեսթըր Քարտ»ի՝ տուեալ երկիրի քաղաքները փնտռելու համար նախատեսուած համակարգին մէջ Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Արցախի միւս քաղաքները արձանագրուած են որպէս Հայաստանի քաղաքներ:

Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ այդ քաղաքներուն մէջ կարելի է օգտուիլ միջազգային այս վճարամիջոցի ծառայութիւններէն։

 


comments