«Մեսթըր Քարտ»ը տեղի կու տայ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն դէմ

By Asbarez | Friday, 31 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վճարումներու միջազգային «Մեսթըր Քարտ» համակարգը տեղի տուած է Պաքուի սպառնալիքներուն դէմ եւ իր համակարգէն վերցուցած է Արցախի քաղաքները իբրեւ Հայաստանի մէկ մասը ներկայացնող բաժինը:


«Մեսթըր Քարտ»ը նախապէս Հայաստանի քաղաքներուն շարքին դասած էր Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միւս քաղաքները։ Այժմ որոնողական համակարգէն վերցուած են Արցախի քաղաքներուն անունները:


comments