By Asbarez | Friday, 31 October 2014
ԹԵՀՐԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Էմիր Ապտելլահեան զգուշացուց Քոպանիի մէջ արտաքին կողմերուն կատարած շարժումներէն եւ Սուրիան մասնատելու հետեւանքներէն:
«Քոպանիի բնակչութեան օգնելը Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան պատրուակ մը պէտք չէ ըլլայ», ըսաւ ան՝ ակնարկելով վերջին քանի մը օրերուն Թուրքիայէն Սուրիա անցնող օտար զինեալներու պարագային։
Մէկ օր առաջ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր. «Թուրքիա անգամ մը եւս կը հաստատէ իր դաւադրական դերակատարութիւնը, ծածուկ նպատակներն ու սուրիական ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութիւնը, երբ սուրիական սահմանը կը խախտէ՝ արտօնելով, որ արտաքին ուժեր եւ իր հողերուն վրայ բնակող ահաբեկչական տարրեր մուտք գործեն սուրիական հողեր, ինչ որ սուրիական գերիշխանութեան, ՄԱԿի ուխտի սկզբունքներուն եւ միջազգային օրէնքի կանոններուն բացայայտ խախտում մըն է»:
Նախարարութիւնը նշած էր, թէ «Իսլամական պետութեան» եւ «Ճապհաթ Նուսրա»ի նման ահաբեկչական կազմակերպութեանց հետ Թուրքիոյ կապերը այլեւս ծանօթ են բոլորին։
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» հաղորդեց, որ լրագրողներ նկատած են, որ Թուրքիայէն Սուրիա անցնող փեշմերկաներէն ոմանք ամերիկեան դրօշակներով տարազ կը կրէին: Լուսանկարներուն մէջ յստակ կերպով կ՛երեւին համազգեստներուն վրայ ամերիկեան դրօշն ու «Միացեալ Նահանգներու բանակ» գրութիւնը:
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտարարեց, որ աշխատանք կը տարուի ստեղծելու սուրիական այնպիսի ուժ մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը բանակցութեանց սեղան վերադարձնէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ