Թուրքիոյ վարչապետի Հայ խորհրդականին առաջին հարցազրոյցը

By Asbarez | Friday, 31 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Թուրքիոյ վարչապետի նորանշանակ հայ խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան իր նոր պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին հարցազրոյցը տուաւ թրքական «Աքշամ» թերթին:


«Հայկական աշխարհը բաւական բազմազան է՝ Հայաստան, Սփիւռք եւ Թուրքիոյ հայ համայնք: Այս իրողութիւնը Անգարայի համար (Հայկական-Խմբ.) հարցը աւելի դիւրին կը դարձնէ, բայց միաժամանակ՝ կը բարձրացնէ պատասխանատուութեան աստիճանը», ըսած է հայազգի խորհրդականը՝ ըստ «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան, պատասխանելով Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ կապուած Անգարայի ակնկալիքներուն:

«Թուրքիոյ համար հարցը աւելի կը դիւրանայ, քանի որ երկիրը չի գտնուիր միասնական պահանջի դիմաց: Պատասխանատուութեան մասով, Անգարան կրնայ ոչինչ ընել, սակայն այդ եւս կրնայ դառնալ ուշադրութեան առարկայ, քանի որ կրնայ այն տպաւորութիւնը ձգել, որ Թուրքիա իր սեփական անցեալին հետ կապուած կասկածներ ունի», աւելցուցած է Մահճուպեան:


comments

Advertisement