Լոս Անճելըսի կրթաշրջանի Հայ աշակերտներուն պիտի արտօնուի բացակայիլ Ապրիլ 24ին

By Asbarez | Friday, 31 October 2014

 

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է որոշում մը, որ հայ աշակերտներուն պիտի արտօնէ վարժարանէն բացակայիլ Ապրիլ 24ին, յարգելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։


Այս առաջարկը ներկայացուցած վարչութեան անդամ Մոնիքա Ռեթլիֆ յայտնած է, որ յաճախ բողոքներ կը կատարուէին հայ աշակերտներու եւ ծնողներու կողմէ, որովհետեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը բացակայած աշակերտներուն դէմ պատիժներ կը սահմանուէին։

«Իբրեւ ուսուցիչ, գիտեմ, թէ որքա՛ն կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ամէն օր ներկայ ըլլայ դասաւանդութեանց։ Սակայն, միաժամանակ, պէտք է գիտակցինք, որ կան ոգեկոչումներ, որոնք նոյնքան կարեւոր են աշակերտին համար, ու ծնողներուն խղճամիտ որոշումները պէտք չէ անտեսուին Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին կողմէ», ըսած է Ռեթլիֆ։

 


comments

Advertisement