Էրտողան եւ Հոլանտ Ֆրանսայի մէջ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

By Asbarez | Friday, 31 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը:


Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է նախագահ Հոլանտ։
Երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութիւնը:


comments

Advertisement