Եկած է խաղաղութեան ժամանակը. Ուորլիք

By Asbarez | Monday, 03 November 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք մեկնաբանած է Հոկտեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը՝ նշելով, որ երբ նախագահները կը հանդիպին, անոնք առիթ կ՛ունենան պարզաբանելու իրենց դիրքորոշումներն ու նուազեցնելու տարակարծութիւնները առանցքային հարցերու շուրջ, «ինչպէս տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ»:

«Ոգեւորուած եմ, որ երկու նախագահներն ալ կը փափաքին հակամարտութիւնը դադրեցնել բանակցութեանց ճամբով: Անոնք իրարու յստակացուցին, որ եկած է խաղաղութեան ժամանակը եւ որ հայերու ու ատրպէյճանցիներու միջեւ առկայ թշնամանքը պէտք է իր տեղը զիջի համագործակցութեան նոր ժամանակաշրջանին», նշած է ամերիկացի համանախագահը:

Նախագահներու հանդիպումները, ըստ Ուորլիքի՝ կը նպաստեն նաեւ սահմաններու վրայ իրավիճակի կայունացման:

«Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած է, որ եկած է խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի նախապատրաստման ժամանակը: Յոյս ունիմ, որ կողմերը լրջօրէն կը դիտարկեն այդ քայլը», ընդգծած է Ուորլիք:

 


comments