By Asbarez | Monday, 03 November 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Լեկաթըմ ինսթիթիւտ» կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած Աշխարհի երկիրներու բարեկեցութեան վարկանիշով (2014 Prosperity Index) Հայաստան այս տարի կը գրաւէ 95րդ դիրքը:
Ցանկին մէջ երկիրները կը գնահատուին ըստ 8 ոլորտներու՝ տնտեսութիւն (Հայաստան 129րդ դիրքի վրայ է), կրթութիւն (49րդ), առողջապահութիւն (87րդ), անձնական ազատութիւն (126րդ), անվտանգութիւն (56րդ), կառավարում (88րդ), ձեռնարակատիրական կարելիութիւններ (68րդ) եւ ընկերային դրամագլուխ (124րդ):
Ցանկը կը գլխաւորէ Նորվեկիա, անոր կը հետեւին Զուիցերիան եւ Նիւ Զելանտան։ Ամէնէն բարգաւաճող երկիրներու տասնեակին մէջ են նաեւ Դանիան, Քանատան, Շուէտը, Աւստրալիան, Ֆինլանտան, Հոլանտան եւ Միացեալ Նահանգները։
Ցանկին մէջ ներառուած են 142 պետութիւններ՝ ընդգրկելով աշխարհի բնակչութեան 96 տոկոսը եւ Համաշխարհային համախառն ներքին արտադրութեան 99 տոկոսը: Ցուցակը կ՛եզրափակէ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւնը:
Եւրոպայի մեծ պետութիւններու կարգին ամէնէն բարգաւաճող երկիրը նկատուած է Բրիտանիան՝ ընդհանուր ցանկին մէջ գրաւելով 13րդ դիրքը: Գերմանիան 14րդ է, Ֆրանսան՝ 21րդ, Սպանիան՝ 26րդ, Իտալիան՝ 37րդ: Ռուսիան կը գտնուի 68րդ դիրքին վրայ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ