Նախագահ Էրտողան Փարիզի մէջ

By Asbarez | Monday, 03 November 2014

 

 


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հոտեմբեր 31ին Ֆրանսա այցելեց, երկարատեւ ընդհատումէ մը ետք։ Ալցը ազդանշան մըն էր, որ Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւնները, որոնք մօտիկ անցեալին շատ լարուած էին, սկսած են մեղմանալու։ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, որ ընդհանրապէս ճանչցուած է իբրեւ հայերու նկատմամբ ջերմ զգացումներ տածող քաղաքագէտ, կը նախընտրէ Թուրքիոյ հետ եւս լաւ յարաբերութիւններ մշկել։

Սկզբնական շրջանին կը կարծուէր, որ Հոլանտի նախագահ ընտրուիլը պիտի կարծրացնէ Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւնները, բայց այդպէս չպատահեցաւ, որովհետեւ Հոլանտ չուզեց վշտացնել Թուրքիան։

Թրքական մամուլին մէջ յառաջ քշուած կարծիքներուն համաձայն՝ երկու երկիրներու յարաբերութեանց մէջ իր շատ կարեւոր տեղը ունի Հայկական Հարցը, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 700,000 հայ։ Ատոր դիմաց, Ֆրանսա բնակող թուրքերուն թիւը կ՛աճի եւ հասած է 450 հազարի։ Անոնք հետզհետէ աւելի լաւ կը կազմակերպուին ու ազդու կը դառնան։ Շատեր նաեւ համոզուած են, որ Հոլանտ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ուշադիր քայլեր պիտի առնէ, քանի որ Ֆրանսա կարեւոր գործառնութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ ու պիտի չուզէ վտանգի ենթարկել զանոնք։

Հոլանտ նախորդ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նման յարձակողական բնաւորութիւն չունի, ու կը թուի, թէ ան Թուրքիոյ դէմ խիստ կեցուածք պահելու ռազմավարութիւնը պիտի ձգէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին։

Այս մթնոլորտին մէջ է որ Էրտողան Փարիզ գնաց ու պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ սուր մեկնաբանութիւններ կատարեց եւ Արեւմուտքը ամբաստանեց նախորդ բազմաթիւ կոտորածներու նկատմամբ անտարբեր մնացած ըլլալուն համար, հարց տալով, թէ ի՞նչ է Քոպանիին կարեւորութիւնը։
Էրտողան առիթը չփախցուց ամբաստանելու նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ ըսաւ, որ պէտք է յստակ դիրք գրաւուի նաեւ անոր դէմ։
Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Հայկական Հարցին ու դիտել տուաւ, որ Արեւմուտքը կը կարծէ, թէ այդ շրջանին միայն «1915ի իրադարձութիւնները» պէտք է դիտել այդ օրերու պատահարներու ընդհանուր պարունակին մէջ։

Նոյեմբեր 2ին, Թուրքիա վերադարձած Էրտողանը դարձեալ անդրադարձաւ Քոպանիի անցուդարձերուն ու քննադատեց Քոպանիի գծով տեղի ունեցած ցոյցերը, որոնք զոհեր խլած էին։ Ըստ անոր՝ «մեռնողն ալ քիւրտ էր, մեռցնողն ալ»։

 


comments

Advertisement