Ընտրութիւններ՝ Ուքրանիոյ Ռուսամէտ Շրջաններուն Մէջ

By Asbarez | Monday, 03 November 2014

 

ՏՈՆԵՑՔ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին, արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան եւ Լուհանսքի ժողովրդային հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք Արեւմուտքին կողմէ «ապօրինի» հռչակուեցան: Ուքրանիան, Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեցին, որ ընտրութեանց արդիւնքները պիտի չճանչնան, սակայն Ռուսիա ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց ընտրութիւններուն:
Երկու շրջաններու ղեկավարները կը յայտնեն, որ իբրեւ անկախ պետութիւններ՝ իրենք պարտաւոր չեն ուքրանական օրէնքը յարգելու, եւ այդ պատճառով ալ չէին մասնակցած անցեալ շաբաթ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Կը նախատեսուի, որ Տոնեցքի վարչապետ Ալեքսանտր Զախարչենքօ դառնայ Տոնեցքի հանրապետութեան նախագահ, իսկ, ըստ ռուսական լրատուամիջոցներուն՝ Լուհանսքի մէջ յաղթանակ արձանագրած է Իկոր Փլոթնիցքի:

Միւս կողմէ, Ռուսիա եւ Ուքրանիա, Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ համաձայնագիր ստորագրած են՝ Ուքրանիոյ ռուսական կազի մատակարարումը վերսկսելու շուրջ: Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է, որ Քիեւ պիտի սկսի վառելանիւթ ստանալու՝ «Կազփրոմ» ընկերութեան իր պարտքին առաջին մասի վճարումը կատարելէն ետք: Ըստ անոր՝ մինչեւ տարուան վերջը, Ուքրանիան պէտք է շուրջ երեք միլիառ տոլար վճարում կատարէ: Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարար Եուրի Փրոտա ըսած է, որ Քիեւ համապատասխան միջոցներ ունի: Եւրոմիութիւնը իր կարգին խոստացած է Քիեւին աջակցութիւն տրամադրել:


comments

Advertisement