By Asbarez | Monday, 03 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ընդունած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին կարեւոր յառաջընթաց չէ արձանագրուած, սակայն աւելցուցած է, որ յառաջխաղացք կը նկատուի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի այն յայտարարութիւնը, թէ պէտք է սկսիլ աշխատանքի՝ խաղաղութեան ամբողջական համաձայնագիրի մը ուղղութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ նախարարը նշած է, որ պէտք է շարունակել աշխատանքները այն հարցերուն գծով, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն կարելի չէ եղած գոյացնել:
Մամետեարով յիշեցուցած է, որ Դեկտեմբերի սկիզբը Զուիցերիոյ մէջ պիտի կայանայ ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը կայացած էր Հոկտեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի նախաձեռնութեամբ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ