Ռուսիոյ Նախագահը Կը Ժամանէ Պաքու

By Asbarez | Monday, 29 June 2009

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի օր, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ միօրեայ աշխատանքային այցով ժամանած է Ատրպէյճան:
Պաքու ժամանելէն անմիջապէս ետք Մետվետեւ ուղեւորուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Կասպից ծովու ափին գտնուող մերձքաղաքային «Զակուլպա» նստավայրը, ուր բանակցութիւններ սկսած է նախ դէմ առ դէմ ձեւաչափով եւ ապա՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Նախագահ Մետվետեւի Պաքու այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի փաստաթուղթերու ստորագրութիւն՝ ատրպեճանական կազի գնման վերաբերեալ: Այցելութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ կասպիական շրջանի հետ կապուած հարցեր, որոնց շարքին՝ Պաքուի մէջ կասպիական երրորդ գագաթնաժողովի նախապատրաստման խնդիրը:
Մետվետեւ-Ալիեւ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հնարաւոր է կարգաւորուի բաւական մօտ պատմական հեռանկարի մէջ, եւ Ռուսիան ամէն ինչ պատրաստ է ընելու՝ իրականացնելու համար այդ հեռանկարը:

comments

Advertisement