«Քարֆուր» առեւտրական կեդրոնին մէջ գիւղմթերքին 95 տոկոսը պիտի ըլլայ Հայկական

By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան 4 Նոյեմբերին ընդունած է «Քարֆուր» առեւտրական ցանցի հայաստանեան գրասենեակի գլխաւոր տնօրէն Քրիստիան Տը Նալը եւ առեւտուրի գծով տնօրէն Լորեն Նազէն՝ Հայաստանի մէջ «Քարֆուր»ի բացման վերաբերող հարցերը քննարկելու նպատակով: Ողջունելով հիւրերը՝ նախարարը ընդգծած է «Քարֆուր» ցանցային խանութի բացման կարեւորութիւնը թէ՛ տեղական արտադրողներուն, եւ թէ սպառողներուն համար: «Հայաստանի գիւղատնտեսական մթերքներ արտադրողներն անհամբեր սպասում են Հայաստանում «Քարֆուր»ի գործունէութեան սկզբին, քանի որ դրանով իսկ նրանց համար կը ստեղծուի նոր հնարաւորութիւն իրենց արտադրանքն իրացնելու համար: Համոզուած եմ, որ բացումից յետոյ «Քարֆուր»ի հայաստանեան առեւտրային ցանցը ոչնչով չի զիջի «Քարֆուր»ի գործունէութեան եւրոպական մակարդակին», նշած է նախարար Սերգէյ Կարապետեան:

 


Նախարարը նաեւ համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ «Քարֆուր»ի մուտքը հայկական շուկայ պիտի նպաստէ տեղական արտադրութեան որակի բարձրացման ու տեսականիի ընդլայնման: Իր հերթին, ցանցի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Քրիստիան Տը Նալը տեղեկացուցած է, որ ցանցի բացումը Հայաստանի մէջ նախատեսուած է Յունուար 2015ին։ Անոր համաձայն՝ «Քարֆուր» առեւտրական ցանցին մէջ նախապատուութիւնը պիտի տրուի տեղական արտադրութեան, իսկ գիւղմթերքի 95 տոկոսը ձեռք պիտի բերուի անմիջապէս հայ արտադրողներէն:

Այս գծով նախարար Սերգէյ Կարապետեան յոյս յայտնած է, որ տեղական արտադրողներուն համար պիտի ճշդուին աւելի մեղմ պահանջներ, իսկ ցանցի խանութներու գիները պիտի սահմանուին համաձայն հայկական շուկայի առանձնայատկութիւններուն: Քրիստիան Տը Նալը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստան գործուղելու համապատասխան մասնագէտներ՝ խորհրդատուութիւններ տալու վերամշակող ճիւղի տարբեր ոլորտներու ընկերութիւններուն՝ արտադրանքի որակին եւ տեսականիին առնչութեամբ: Հանդիպման աւարտին նախարար Կարապետեան առաջարկած է յառաջիկային ստորագրել փոխըմբռնման յուշագիր: Նախարարը նաեւ խոստացած է նախքան ցանցի բացումը կազմակերպել «Քարֆուր»ի ներկայացուցիչներու հանդիպում՝ վերամշակող ընկերութիւններուն հետ:

 


comments

Advertisement