Եւրոպական Միութիւնը 140-170 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ Հայաստանին

By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 3-5 Նոյեմբերին Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի անդամ, Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան (ԵՀՔ) եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Յոհաննէս Հանին հետ: Անոնք ստորագրած են Եւրոպական միութեան կողմէ 2014-2017 թուականներուն Հայաստանին տրամադրուելիք աջակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, ուր ամրագրուած է, որ ԵՄն 2014-2017ին Հայաստանին պիտի յատկացնէ շուրջ 140-170 միլիոն եուրօ գումար՝ կողմերուն միջեւ նախապէս համադրուած երեք ուղղութիւններով՝ մասնաւոր հատուածի զարգացում, պետական կառավարման եւ արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներ:
Ստորագրուած է նաեւ «Աջակցութիւն գիւղատնտեսութեան ու գիւղական զարգացման» ԵՄ պիւտճէական աջակցութեան 2013ի ֆինանսաւորման համաձայնագիրը, որուն ծիրին մէջ Եւրոպական միութիւնը Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման պիտի յատկացնէ շուրջ 25 միլիոն եուրոյի աջակցութիւն:


Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են ԵՄ աջակցութեամբ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած արդիւնաւէտ բարեփոխումներուն, ԵՄի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող պիւտճէական ու թեքնիք աջակցութեան գործիքներուն եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու:

Անգամ մը եւս ընդգծուած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարած է «Բաց երկինք»ի քաղաքականութեան մասին եւ նշուած, որ հայկական կողմը պատրաստ է ԵՄի հետ բանակցութիւններու սկսելու՝ Ընդհանուր օդանաւորդութեան գօտիին վերաբերեալ համաձայնագիրին առնչութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը կարեւոր նկատած է ԵՄի կողմէ Հայաստանին «Շուկայական տնտեսութեան կարգավիճակ»ի շնորհման անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով 4 Նոյեմբերին կայացող «ԵՄ-Հայաստան հետագայ համագործակցութեան շրջանակները՝ մտքերի փոխանակում» խորագիրով հանդիպման՝ կողմերը կարեւոր նկատած են նման ձեւաչափով քննարկումներու եւ խորհրդակցութիւններու կայացումը, համոզմունք յայտնելով, որ նման քննարկումներ պիտի նպաստեն կողմերուն միջեւ հետագայ համագործակցութեան ձեւաչափի ու շրջանակներու յստակացման:

Նոյեմբեր 3ին Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի Ձեռնարկատիրութեան հարցերու գլխաւոր տնօրինութեան տնօրէն Դանիէլ Կալեխա Կրեսպոյին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԵՀՔ գործընկեր երկիրներու համար հասանելի «COSME» ծրագիրին Հայաստանի հնարաւոր անդամակցութեան առնչուող հարցեր: Նախարարը ընդգծած է նորարարութեան վրայ հիմնուած տնտեսութեան զարգացման նկատմամբ հայկական կողմի հետաքրքրուածութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը: Համաձայնութիւն կն-քուած է ԵՄի համապատասխան ոլորտի փորձագէտներու անհրաժեշտ փորձառութիւնն ու տեղեկատուութիւնը Հայաստանի համապատասխան ոլորտի մասնագէտներուն փոխանցելու համար:

Հայկական կողմէն հանդիպման մասնակցած էին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեանը, ԵՄի մէջ Հայաստանի մնայուն առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը, ԵՄի մէջ Հայաստանի առեւտրական ներկայացուցիչ Վարոս Սիմոնեանը, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ:

 


comments