By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտը կը շարունակէ կայուն աճ արձանագրել: Յունուար-Սեպտեմբեր 2014ին հանրապետութիւն մուտք գործած են 941 հազար 151 զբօսաշրջիկներ կամ 2013ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով 13.6 տոկոսով աւելի:
Հայաստանի ազգային վիճակա-գրական ծառայութեան համաձայն՝ այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 886 հազար 251 մարդ կամ 2013ին հետ բաղդատելով՝ 12.5 տոկոսով աւելի:
Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան գերակայ ճիւղերէն է: Վերջին տասնամեակին ոլորտի աճը տարեկան գերազանցած է 15-20 տոկոսը: Զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով Հայաստան վիզայի առնչութեամբ դիւրութիւններ կու տայ, որդեգրած է «Բաց երկինք»ի քաղաքականութիւն՝ կարելի եղածին չափ մատչելի դարձնելով զբօսաշրջիկներուն համար Հայաստան այցելութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ