By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Ուըրլտ Թրեվըլ Մարքէթ» ցուցահանդէսին Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնող տաղաւարը, ինչպէս նախատեսուած էր, ներառուած է հայկական տաղաւարին մէջ եւ բնականոն կերպով կ՛աշխատի:
Նշենք, որ վերջին օրերուն ատրպէյճանական մամուլին մէջ յայտնուած էր այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարի բանբերի պաշտօնակատար Հիքմեթ Հաճիեւի յայտարարութիւնները այն մասին, թէ ատրպէյճանական ջանքերով Լոնտոնի մէջ կայացող տարեկան «Ուըրլտ Թրեվըլ Մարքէթ» ցուցահանդէսին Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնող տաղաւարը փակուած է:
Նոյեմբեր 3ի կէսօրին Հիքմեթ Հաճիեւի կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ Vesti.az-ին. «Անգլիական կողմին հետ մեր բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք հայերը ստիպուած էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ներառել Հայաստանի կազմին մէջ»: Սակայն, ինչպէս նշուած է, Արցախի տաղաւարը միշտ եղած է հայկականին կազմին մէջ եւ Ատրպէյճանական կողմին յայտարարութիւնները բացայայտ կեղծիք են:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ