By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3ին հերքած է այն լուրերը, թէ ինք ներողութիւն խնդրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն:
«Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Պայտըն ըսած է. «Ո՛չ։ Ես ներողութիւն չեմ խնդրած անկէ: Իրեն լաւ կը ճանչնամ: Հեռաձայնեցի ու յստակացուցի, որ տարածուած լուրերը ճիշդ ձեւով չեն ներկայացներ իմ խօսքերը»:
Յիշեցնենք, որ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, Պայտըն զայրացուցած էր Անգարան, երբ ըսած էր, որ ահաբեկիչները, ներառեալ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման զինեալները, աջակցութիւն կը ստանան Ամերիկայի դաշնակիցներէն, ներառեալ՝ Թուրքիայէն: Ան աւելցուցած էր, որ Էրտողան խոստովանած է, թէ Սուրիոյ տագնապին սկիզբը Թուրքիա օժանդակած է օտար զինեալներուն, ներառեալ՝ իսլամ ծայրայեղականներուն։ Այդ յայտարարութենէն քանի մը ժամ ետք, Էրտողան իր վրդովմունքը արտայայտած էր՝ Պայտընէն պահանջելով ներողութիւն խնդրել, որմէ ետք Սպիտակ տունը յայտարարած էր, թէ Պայտըն Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին ներողութիւն խնդրած է իր խօսքերուն սխալ ներկայացման համար:
Նշենք, որ Պայտըն այս ամսուան երկրորդ կիսուն Թուրքիա պիտի այցելէ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ