Կարեւոր զարգացում Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ընթացքին, որոշում կայացուած է սպանութեան օրերուն Պոլսոյ եւ Տրապիզոնի մէջ աշխատող ապահովական մարզի պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն դէմ հետաքննութիւնը միաւորել:

Թրքական «Կերչեք Կիւնտեմ» կայքին համաձայն՝ Տինքի սպանութեան գծով ամբաստանուած Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան որոշումէն ետք, Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը դիմած է Տրապիզոնի դատախազութիւն՝ պահանջելով Տրապիզոնի ապահովական մարզի պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն նկատմամբ Տինքի գործով հետաքննութիւնը փոխանցել Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւն:


Դրական պատասխան ստանալով՝ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը միաւորած է թղթածրարը, որուն շնորհիւ Տինքի սպանութեան գործով ծառայողական պարտականութիւնները թերի կատարած բոլոր պաշտօնեաներուն, զինուորականներուն եւ ոստիկաններուն նկատմամբ հետաքննութիւնը միատեղ պիտի կատարուի:


comments