Լիբանանի խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին կայացած նիստի մը ընթացքին խորհրդարանը որոշեց մինչեւ 2017 երկարաձգել իր պաշտօնավարութիւնը, շրջանին մէջ տիրող անկայուն վիճակին պատճառով։

Նիստին ներկայ 97 երեսփոխաններէն 95ը պաշտօնավարութեան երկարաձգման թեր քուէարկեցին, մինչ 31 երեսփոխաններ ներկայ չէին եղած նիստին՝ բողոքելով պաշտօնավարութեան երկարաձգման առաջարկին դէմ։

Նիստին ընթացքին բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ, դատապարտելու համար խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը։ Կարգ մը ցուցարարներ նոյնիսկ փորձած են փակել դէպի խորհրդարան տանող ճամբան, դժուարացնելու համար երեսփոխաններուն խորհրդարան հասնիլը:

Նոյն օրը, իսլամ ծայրայեղականներու «Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութեան ղեկավար մը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի դէմ ճակատամարտի պիտի դիմէ:

Մէկ օր առաջ, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Աշուրա տօնին առիթով կազմակերպուած հաւաքին մը ընթացքին շեշտած էր, որ շրջանին մէջ տագնապը քաղաքական է եւ ոչ թէ յարանուանական՝ աւելցնելով, որ տագնապի հիմնական պատճառը Արեւմուտքն է։ Ան նաեւ ընդգծած էր, որ իր կուսակցութիւնը պատրաստ է երկարաձգելու խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը եւ որ «Հըզպալլա» կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան՝ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար։ Նասրալլա նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած էր «Մուսթաքպալ» հոսանքին հետ երկխօսութիւն կատարելու:

 


comments