Քաթալոնիոյ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 9ին

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սպանիոյ Քաթալոնիա շրջանի ղեկավարութիւնը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին յայտարարեց, որ շրջանի անկախութեան շուրջ Նոյեմբեր 9ին նախատեսուած հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ, հակառակ Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութեանց ընդդիմութեան եւ հանրաքուէն չկատարելու նպատակով Սպանիոյ Սահմանադրական ատեանին կողմէ Երեքշաբթի օր արձակուած որոշումին։

Քաթալոնիա շրջանի նախագահ Արթուրօ Մաս բացատրեց, որ քուէարկութեան կեդրոնները, քուէատուփերը եւ 20,000 կամաւորները պատրաստ են քուէարկութեան, եւ որ Մատրիտի կառավարութեան աջակցութեան կարիքը չունին անոնք:

«Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը հասարակութեան կարծիքը հարցնելու իրաւասութիւն ունի», ըսաւ ան՝ խստօրէն քննադատելով դաշնակցային իշխանութիւնները, որոնք կը փորձեն կասեցնել Քաթալոնիոյ մէջ սկովտիական օրինակով հանրաքուէն:


comments

Advertisement