By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սուրիոյ ազգային համերաշխութեան նախարար Ալի Հայտար ցնցիչ յայտարարութիւն մը ըրած է Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ կապակցութեամբ։ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանին համաձայն՝ Ալի Հայտար ըսած է. «Ո՞վ կ՛ըսէ, որ Ամերիկա բարեկամ է մեզի։ Այս պահուն հասարակաց շահեր կրնանք ունենալ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ բարեկամներ ենք։ Ամերիկա Սուրիոյ ժողովուրդին Կաղանդ Պապան չէ։ Ամերիկա, ցայժմ, սուրիացի ժողովուրդին թշնամին է։ Ամերիկայի նպատակներն ու ռազմավարութիւնը բնաւ չփոխուեցան։ Ուստի, ան մեր թշնամին է։ Իսկ Թուրքիոյ կեցուա՞ծքը։ Այդ մասին հարցումն իսկ աւելորդ է։ Տագնապին առաջին վայրկեանէն ի վեր պախարակեցինք։ Այս պահուն, Թուրքիոյ հետ պատերազմական իրավիճակի մէջ ենք։ Ասիկա բոլորին ծանօթ է»։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ