Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ընդունումը անկարելի է. Չաւուշօղլու

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին տեղեկութիւններ հաղորդած է երկրի արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ անդրադառնալով նաեւ Հայկական Հարցին:


«Ցեղասպանութիւնը, զոր կը փափաքին վերագրել մեր պապերուն ու մեր ժողովուրդին, անկարելի է որ ընդունինք: Այս կէտը մենք միշտ կ՛ընդգծենք», ըսած է թուրք նախարարը:

Չաւուշօղլու անդրադարձած է նաեւ Զուիցերիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտած Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքի դատին՝ նշելով, որ Անգարա «շատ մօտէն» կը հետեւի Զուիցերիոյ կողմէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վերին պալատին մէջ բողոքարկուող հարցին։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան, պատասխանելով Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ Անգարայի առնելքի քայլերուն մասին արտասահմանցի լրագրողի մը հարցումին՝ ըսած է, որ Հայկական Հարցին վերաբերեալ լուրջ «ապատեղեկատուութիւն» կը տարածուի: Ըստ անոր՝ Թուրքիան այս գծով աւելի լուրջ լոպիական աշխատանք պէտք է տանի: Աքտողան նշած է նաեւ, որ հայկական Սփիւռքը «գլխաւոր խոչընդոտն է» Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարգաւորելու ջանքերուն մէջ։

 


comments

Advertisement