«Մանկական Եւրատեսիլ-2014» մրցոյթի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Պեթթին

By Asbarez | Thursday, 06 November 2014

 

«Մանկական Եւրատեսիլ-2014» երաժշտական մրցումը այս տարի պիտի կազմակերպուի Նոյեմբեր 15ին, Մալթայի մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչ պատանի երգչուհին՝ Պեթթին, գեղեցիկ, ժպտուն ու բեմական անկաշկանդ պահուածքով աղջնակ մըն է, որ խանդավառութիւն կը սփռէ իր շուրջ: Պեթթին հանդէս պիտի գայ «Արեւի մարդիկ» երգով:

Նոյեմբեր 4ին Պեթթին եւ մրցոյթի մասնակիցներու խումբը այցելեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Մանկական Եւրատեսիլ» երգի 12րդ մրցոյթի Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլիզաբեթ Դանիէլեանին (Պեթթին) եւ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ Պեթթիի երաժշտական տուեալները, ժպիտն ու խանդավառութիւնը կ՛օգնեն՝ գրաւելու ողջ աշխարհի երաժշտասէր հանրութեան ուշադրութիւնն ու համակրանքը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց. «Սիրելի՛ Պեթթի, ողջունելի է յատկապէս մայրենիի քո հրաշալի իմացութիւնը եւ արտայայտուելու կարողութիւնը: Համոզուած եմ, որ Սփիւռքում ապրող ոչ մի հայ չի կարող անտարբեր մնալ, եւ իրենց ձայնը կը տան յօգուտ քո կատարման»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը աւելցուց, որ Մալթայի հայ համայնքը անհամբեր կը սպասէ հայ մանուկին: Ան Պեթթիին եւ պատուիրակութեան կազմին յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող «Անմոռուկ» կրծքանշաններ եւ կոչ ուղղեց համերգային շրջագայութեան ընթացքին կրելու զանոնք:

 


Նախարարը Պեթթիին նուիրեց նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը խորհրդանշող վերտառութեամբ դրօշ, հայկական երգերու ժողովածու, խտասալիկ եւ հայատառ կլոբուս-լուսամփոփ:

«Մանկական Եւրատեսիլ-2014»ը ներկայացնող Պեթթին հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուց մրցոյթէն առաջ իր զգացողութիւնները եւ կատարեց «Արեւի մարդիկ» երգը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար՝ պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան նշեց, որ ե՛ւ մանկական, ե՛ւ մեծերու Եւրատեսիլ մրցոյթներուն մշտապէս զգացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը: «Շնորհակալ ենք յատկապէս այս տարի Արամ MP3-իի ելոյթին ձեր ցուցաբերած գործօն աջակցութեան համար, որը, կը կարծեմ, նպաստեց, որ մեր ներկայացուցիչը գրաւէ 4րդ պատուաւոր հորիզոնականը: Նոյեմբեր 15ին կայանալիք «Մանկական Եւրատեսիլ»ին նոյնպէս կ՛ակնկալենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը», աւելցուց Գոհար Գասպարեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը համոզմունք յայտնեց, որ տաղանդաշատ Պեթթիի եւ փորձառու պատուիրակութեան ջանքերով «Մանկական Եւրատեսիլ»ը կը դառնայ իսկական տօն աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան համար, եւ Պեթթին հայրենիք կը վերադառնայ գերազանց արդիւնքներով:

 


comments

Advertisement