Ատրպէյճան կրնայ գտնուիլ Արցախի տագնապը ուժով լուծելու պարտադրանքին տակ. Հասանով

By Asbarez | Thursday, 06 November 2014

 

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու ուսումնավարժական կեդրոնին մէջ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին կայացած է սպաներու շրջաւարտից արարողութիւնը, որուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով խօսած է բանակին ու ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ իրականացած բարեփոխումներուն մասին:


«Մեր երկիրը երկար տարիներով ջանքեր չէ խնայած ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: Ցաւօք, ազդեցիկ պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու պաշտօնական անձեր, Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու փոխարէն, աչք կը փակեն անոր վարած բռնագրաւման քաղաքականութեան դիմաց: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի պետութիւնը ստիպուած է դիմելու խնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու ընտրանքին եւ ազատագրելու իր տարածքները՝ ռազմական ուժի կիրառումով», սպառնացած է ան:

Ըստ Զաքիր Հասանովի՝ Օգոստոսի իրադարձութիւնները «համոզած են մեծ կորուստներ կրած մեր հակառակորդը, թէ Ատրպէյճան իսկական ռազմական ուժ ունի»։

 


comments

Advertisement