Սրբոց Նահատակացը՝ «Սի.Էն.Էն.»ի պատմական արժէք ունեցող ոչնչացուած յուշարձաններու ցանկին վրայ

By Asbarez | Thursday, 06 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող զինուած հակամարտութիւններուն հետեւանքով, կը վերանան պատմական արժէք ունեցող շատ յուշարձաններ եւ կոթողներ: Այս կոթողներուն անդրադարձած է «Սի.Էն.Էն.»ը՝ առանձնացնելով վերջին տարիներուն ընթացքին անհետացած 19 յուշարձանները, որոնց մէջ է նաեւ անցեալ Սեպտեմբերին «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան կողմէ ականահարուած Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, որ նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:


Ցանկին վրայ են նաեւ Իրաքի Սամարրայի մեծ մզկիթը, Աֆղանիստանի Պամեանի Պուտտայի արձանները, Սուրիոյ Պոսրա քաղաքի պատմական թատրոնը եւ այլ կոթողներ:

 


comments

Advertisement