Իսրայէլի դէմ ցոյց Անգարայի մէջ

By Asbarez | Thursday, 06 November 2014

 

 


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երուսաղէմի Աքսա մզիթը իսլամներուն առջեւ փակելու Իսրայէլի կամայական որոշումներն ու մզկիթէն ներս մտնելու ծայրայեղական իսրայէլացիներու ոտնձգութիւնները Թուրքիոյ մէջ եւս տեղի տուաւ խիստ հակազդեցութիւններու։ Աղօթավայրը իսլամական աշխարհի ամենասուրբ վայրերէն մէկն է ու միշտ կռուախնձոր եղած է իսրայէլացիներու ու պաղեստինցիներու միջեւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ի գիշերը, Անգարայի մէջ ցոյց մը կատարուեցաւ Իսրայէլի դէմ, իսկ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու «բարբարոսութիւն» նկատեց իսրայէլացիներու քայլերը։ «Մենք, որպէս Թուրքիա, խստօրէն կը դատապարտենք այս միջամտութիւնը», ըսաւ ան։

Իսրայէլի դեսպանատան առջեւ կայացած ցոյցին մասնակիցները դատապարտեցին Իսրայէլի ոտնձգութիւնները՝ պահանջելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ետ ղրկեն Իսրայէլի նորանշանակ դեսպանը։

Ցոյցին ընթացքին ոստիկանութիւնը պարբերաբար միջամտութիւններ ըրաւ եւ ճամբու երթեւեկին արգելք հանդիսացող ցուցարարներուն վրայ կազ արձակեց։

Նշենք, որ Յորդանան այս գծով արդէն իսկ ետ կանչած է Իսրայէլի մօտ իր դեսպանը, իսկ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցի մը Չորեքշաբթի օր ինքնաշարժը քշած է խումբ մը իսրայէլացիներու վրայ՝ սպաննելով անոնցմէ մէկը։

 


comments