Սէուտական Արաբիա եւ Ֆրանսա ստորագրեցին Լիբանանեան բանակը զինելու համաձայնագիրը

By Asbarez | Thursday, 06 November 2014

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սէուտական Արաբիա եւ Ֆրանսա Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ լիբանանեան բանակին երեք միլիառ տոլարի զինուորական օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի:

Նշենք, որ անցեալ Դեկտեմբերին Ռիատի կողմէ լիբանանեան բանակը զինելու առումով յայտարարուած օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի Ֆրանսայի հետ գործակցաբար:

«Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ վերոնշեալ համաձայնագիրը ստորագրած են Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարար Իպրահիմ Ասսաֆ եւ զէնքի արտածման ֆրանսական «Օտայս» ընկերութեան տնօրէն Էտուար Կիօ:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ գտնուած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ չբացայայտեց, թէ ի՛նչ տեսակի զէնքեր պիտի ստանայ բանակը:

Ֆրանսական աղբիւրներ յայտնեցին, որ ամիսներէ ի վեր պատրաստուող համաձայնագիրի ստորագրութեան լոյսին տակ, լիբանանեան բանակին յանձնուելիք զէնքերուն առաջին մասնաբաժինը 2015ի առաջին կիսուն պիտի հասնի Լիբանան:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս դրուատեց սէուտական եւ ֆրանսական կողմերուն միջեւ լիբանանեան բանակի օժանդակութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը՝ նշելով, որ այդ օժանդակութիւնը «կը միտի հզօրացնել լիբանանեան բանակը, որ Լիբանանի միասնականութեան եւ կայունութեան երաշխիքն է»:

Ֆապիւս նշեց նաեւ, որ բանակին տրամադրուելիք զէնքն ու զինամթերքը պիտի օժանդակեն անոր՝ պատերազմելու համար Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ:


comments

Advertisement